Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական պատարագ մատուցեց Սան Ֆրանցիսկոյի Սբ․ Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցում․
«Կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Համայնքի պատասխանատուներուն համաձայն, առաջին անգամ ըլլալով հայրապետական Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ Նորին Սրբութեան կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին որպէս առընթերականեր Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, որպէս սպասարկողներ` Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, եւ որպէս երգող` Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան։
Հայրապետական պատգամը կանխեց առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը։ Սրբազան հայրը յատկապէս նշեց, թէ ահաւասիկ կը գտնուինք Հայրապետին Արեւմտեան Հայոց Թեմ հովուապետական այցելութեան վերջին հանգրուանին մէջ։ Ամբողջ արեւմտեան թեմը խանդավառութիւն ապրեցաւ անցնող օրերու ընթացքին, որովհետեւ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը ինքնին պատմական երեւոյթ է որեւէ թեմի համար. իսկ այստեղ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, առաւել եւս պատմական է ու եզակի, քանզի հայրապետական Սուրբ Պատարագ է որ կը մատուցուի եւ այն կ՚արձանագրուի ընդհանրապէս արեւմեան թեմի եւ յատկապէս մեր այս գաղութի պատմութեան էջերուն վրայ, ըսելով՝ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը ուղղելու համար իր հայրապետական պատգամը։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի խօսքը.- «ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ» (Յհ 12.46)։ Ան ըսաւ. «Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, Քրիստոս յայտնեց, որ Ինքն է ճշմարիտ լոյսը աշխարհին (հմմտ. Յհ 8.12): Լոյսը ստեղծուած էր Աստուծոյ կողմէ: Տիեզերքի ստեղծագործութեան ընթացքին Աստուած նաեւ լոյսը ստեղծեց: Կարեւոր է ընդգծել, թէ լոյս եւ խաւար չեն գոյակցիր: Լոյսը Աստուածային ստեղծագործութիւն է, մինչ խաւարը՝ ո՛չ: Խաւարը պարզապէս բացակայութիւնն է լոյսին: Աստուած լոյսի աղբիւրն է ու ստեղծիչը: Հետեւաբար, ուր Աստուած ներկայ է՝ հոն երկնային լոյսը կը ճառագայթէ. ուր Աստուած բացակայ է՝ հոն խաւարը կը տիրէ:
Արդարեւ, երբ մարդը հեռացաւ լոյսէն եւ խաւարի տիրապետութեան տակ էր, Աստուած Իր միածին Որդին ղրկեց, որպէսի դառնայ ճշմարիտ լոյսը աշխարհին: Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս յիշեցուց մարդոց, թէ աշխարհի բոլոր լոյսերը վտանգաւոր են՝ մեղքով ու խաւարով պատուած են. ճշմարիտ լոյսը Բեթղեհէմով աշխարհին բացուած լոյսն է։ Նայեցէ՛ք մեր պատմութեան: Կեանքի պարտադրած խաւարին դիմաց, Քրիստոս լոյս եղաւ մեր ժողովուրդին: Քրիստոս-լոյսով մենք ապրեցանք ու պայքարեցանք եւ ստեղծագործեցինք: Այսօր եւս, ներկայ լուսաւոր աշխարհին մէջ Քրիստոս Ինքն է ճշմարիտ լոյսը մեր կեանքին: Դառնա՛նք այդ լոյսին, քալե՛նք այդ լոյսի ճամբէն, այդ լոյսով լուսաւորե՛նք մեր մտածումները, գործերն ու կեանքը», եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ Նորին Սրբութեան ընթրիք մը սարքեցին շրջանի ազգային երեսփոխանները եւ հոգաբարձութեան անդամները։ Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ թելադրեց, որ վերանորոգ թափով անոնք շարունակեն գաղութը աւելի կազմակերպելու աշխատանքները։ Ընթրիքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապտին կողքին ներկայ էին նաեւ առաջնորդ սրբազան հայրը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետն ու անդամներ»։
