Երկու Վեհափառ հայրերը Վատիկանում քննարկել են Հայաստանի շուրջ ծառացած խնդիրները

Երկու Վեհափառ հայրերը Վատիկանում քննարկել են Հայաստանի շուրջ ծառացած խնդիրները

Արամ Ա Կաթողիկոսը մասնակցել է Հռոմի պապի հուղարկավորությանը․

«Այսօր՝ Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին մէջ, յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին։

Յուղարկաւորութեան մասնակցելու նպատակով Վատիկան ժամանած էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, երկիրներու նախագահներ, վարչապետեր, նախարարներ եւ բոլոր կրօններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Ի շարս հոգեւոր պետերու, Սուրբ Պատարագին եւ յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Անոր կողքին ներկայ էին նաեւ Վատիկանի մէջ ուսանող Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։

Յայտնենք, որ յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ։ Թէ՛ յուղարկաւորութեան եւ թէ՛ ընդհանրապէս Վատիկան կեցութեան ընթացքին, երկու վեհափառ հայրապետները միասնաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ եկեղեցական արարողութեան։ Անոնք նաեւ առիթ ունեցան միասնաաբար խորհրդակցելու հայ եկեղեցւոյ, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ աղերս ունեցող նիւթերու շուրջ»։