Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը ընդունել է Կալիֆորնիա նախանգի փոխղեկավարին, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթթղիոկոսությունից․
«Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած օրը՝ Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգի փոխ կառավարիչ Էլէնի Քունալաքիսը (Eleni Kounalakis) (կառավարիչ Կավին Նիւսըմ (Gavin Newsom) երկրէն դուրս կը գտնուէր):
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ դատին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Ամերիկայի հայ գաղութին, Միջին Արեւելքի հայութեան եւ յարակից հարցերու: Հետաքրքրական զրոյց մը կայացաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ փոխ կառավարիչին միջեւ յիշեալ հարցերուն շուրջ՝ նկատի ունենալով Քունալաքիսի յունական ծագումն ու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ անոր սերտ առնչութիւնը:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի արեւմտեան շրջանի պատասխանատուները, որոնք անդրադարձան յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին առնչուած կարգ մը հարցերու:
Նորին Սրբութեան կողքին էին Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան»:
