Արամ Ա Վեհափառի նախագահությամբ քննարկվել է արցախահայության իրավունքների վերականգնման հարցը

Արամ Ա Վեհափառի նախագահությամբ քննարկվել է արցախահայության իրավունքների վերականգնման հարցը

Արամ Ա Վեփափառ Հայրապետի նախագահությամբ տեղի է ունեցել Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսության «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստը, հայտնում են կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից։ 

 

«Օրակարգին ներառուած էին Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, Կազայի պատերազմը, անոր զուգահեռ Լիբանանի դիմագրաւած պատերազմի վտանգն ու այդ բոլորի ազդեցութիւնը միջին արեւելեան հայ համայնքներուն վրայ։ Յատուկ կէտով քննարկումներ կեդրոնացան ՔՈՓ29-ի ընդառաջ միջազգային ատեաններու ու մասնակցող պետութիւններու մօտ տարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու պատանդներուն ազատ արձակման նպատակող տարուող աշխատանքներուն վրայ։
 

Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Վատիկանի եւ ապա Ժընեւի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւններ։ Հանդիպումները առիթ եղած են արծարծելու բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իրազեկեց հարթակի անդամները Իրանի եւ Գանատայի դեսպաններուն այցելութիւններուն մասին եւ անոնց ընթացքին քննարկուած թէ՛ հարաւային Կովկասի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի վերաբերող խնդիրները։ Այս առումներով Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակիցներուն յայտնեց հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան եւ յատկապէս բանտարկեալներու ուղղութեամբ Վատիկանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։

Ժողովականները արձանագրեցին, որ այս տարուան Յունուարին Անթիլիասի մէջ կայացած թէ՛ հարթակի առկայ նիստին եւ թէ՛ Ապրիլին «Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանութիւնը» թեմայով գիտաժողովին բանաձեւուած էին աշխատանքային ուղենիշեր։ Այս նիստերուն «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամներուն կողքին կը մասնակցէին միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուի Մորէնօ Օքամփօ, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ արցախահայութեան իրաւաւունքները հետապնդող յանձնաժողովի աշխատանքները համակարգող Վարդան Օսկանեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան։
 

Յունուարի եւ Ապրիլի հանդիպման նիստերու ընթացքին բանաձեւուած առաջադրային կէտերը կ՚արծարծուին Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ տարբեր պետութիւններու դիաւանգիտական ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն եւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու վերականգնման համահայկական աշխատանքներու ընթացքին։ Հետապնդուած հարցեր են Արցախի մէջ Պաքուի իրականացուցած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, վերադարձը միջազգային անվտանգութեան գործիքակազմով երեաշխաւորելը, ՔՈՓ29-ի ընդառաջ Ազրպէյճանի գործադրած տարբեր բնոյթի յանցագործութիւնները իրազեկելը, Արցախի առեւանգուած ղեկավարութեան, գերիներու, պատանդներու ազատ արձակումը պահանջելը եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջազգային կառոյցներու մօտ աշխատանքը։
 

Նշենք, որ հերթական առցանց հանդիպման օրակարգի վերջին կէտով հաստատուեցաւ Յունուար եւ Ապրիլ 2024-ին յաջորդաբար Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած հարթակի լիագումար եւ «Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը» թեմայով գիտաժողովի նիստերուն ներկայացուած զեկուցումներու հրատարակութեան խմբագրական կազմը։ Հաւաքածոյին կը ներառուին վերը նշուած կէետրուն մասին պատմագիտական, իրաւագիտական, կրօնամշակութաբանական եւ քաղաքագիտական առանցքներով ներկայացուած զեկուցումները»։