Դրամի փոխարժեքը՝ այսօր
Եղանակը՝ այսօր
Քաղաքականություն

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Վատիկանի բարձրաստիճան կարդինալի հետ հանդիպմանը բարձրացրել է Արցախի հարցը

Blog Image

Վատիկանի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեց միջկրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր պատասխանատու Քարտինալ Քուվաքատի հետ։ Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ի երեկոյեան կայացած հանդիպումը շարունակութիւն էր Ղազախիստանի մէջ անցեալ ամառ ունեցած քննարկումին։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ միջկրօնական օրակարգը պետք է ընդգրկէ նաեւ կենսոլորտի, բռնութեան, ճարտարագիտութեան ու բարոյագիտական հարցեր։ Կարեւորուեց խաղաղ համակեցութիւնն ու գործակցութիւնը կրօններու միջեւ։

Արամ Ա.-ն կրկին անդրադարձաւ Վատիկանի Կրէկորեան համալսարանին մէջ Ազրպէյճանի կազմակերպած համագումարի միակողմանի մօտեցումներուն Արցախի եւ Հայ եկեղեցւոյ մասին։ Քարտինալը համաձայնեց օրակարգի ընդլայնման հարցին, տուաւ բացատրութիւններ Վատիկանի՝ Ազրպէյճանի հետ երկխօսութեան մասին եւ յայտնեց, որ աշխատանքները պիտի շարունակուին։ Վերջաւորին Վեհափառ Հայրապետը Քուվաքատին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր։

Send