«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ միջ-համայնքային խորհրդակցական ժողով մը։ Ժողովին կը մասնակցէին Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարք եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի տեղապահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան։ Ժողովին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեան, ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Պէյրութի թեմի հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր Եպս․ Պատիշահ, խորհրդական Միհրան Նաճարեան, Նոր Մարաշի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապտուելի Ռաֆֆի Մսըրլեան եւ Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան փոխ ատենապետ Ճան Սաղըրեան։ Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ Կաթողիկոսութեանս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի դիւանի անդամներ Սեդա Խտըշեան եւ Շահան Գանտահարեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան։
Այնուհետեւ ժողովը խորհրդակցութեան եւ քննարկման ճամբով արձանագրեց.-
բ) Հայկական համայնքներու հոգեւոր եւ ազգային մարմինները կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ տարածաշրջանի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող հայութեան իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ առօրեայ հաղորդակցութիւններով կը փորձեն համակարգել համասփիւռքեան կեդրոններու եւ տեղւոյն հոգեւոր-ազգային մարմիններու աշխատանքները։
գ) Լիբանանի պարզած այս դժուար պայմաններուն մէջ լիբանանահայ համայնքը իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ հանրապետութեան նախագահին եւ պետական կառոյցներուն կայացուցած որոշումներուն, ինչ կը վերաբերի երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ գերիշխանութեան իրաւունքի գերադասման։
դ) Կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շարունակուող յարձակումները, լիբանանեան տարածքներու գրաւումը, հրադադարի խախտումները եւ ժողովուրդին բռնի տեղահանումը։
ե) Կ՚ընդգծէ հրամայականը ներ-լիբանանեան կայունութիւնն ու անդորրութիւնը պահպանելու եւ գերլարուած իրավիճակներ չստեղծելու, յատկապէս այս գերզգայուն իրավիճակին մէջ։
զ) Շեշտելով հայութեան պատմական արմատներու գոյութիւնը Լիբանանի մէջ, ժողովը կոչ կ՚ուղղէ Լիբանանին, իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ անոր տառապանքներն ու հետեւանքները կրած ժողովուրդ, միակամ եւ միասնական կեցուածքներով դիմակայելու ճգնաժամային պայմանները եւ Քրիստոսի Յարութեան հետեւողութեամբ հաւատալու մայրիներու երկրին վերականգնումին։
է) Լիբանանահայ համայնքը իր համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներով կը շարունակէ հիմնական դերակատարութիւն ունենալ համահայկական առաջադրանքներուն ընդառաջ տարուող աշխատանքներուն մէջ։ Այդ դերակատարութեան շարունակականութեան նկատմամբ վառ պէտք է պահել ժողովուրդին մօտ հաւատքն ու վճռակամութիւնը։
ը) Այս առումով ալ ժողովը կ՚ողջունէ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ կայացող հերթական խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւններուն համակարգուած աշխատանքները՝ յատկապէս օժանդակելու բռնատեղահանումներուն հետեւանքով Լիբանանի զանազան շրջաններոն մէջ յայտնուած գաղթականական զանգուածներուն։ Ժողովը որոշեց յաւելեալ թափ տալ այս աշխատանքին եւ յանձնարարեց երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն միասնաբար խորհրդակցելու գաղթականական շրջանակներուն օժանդակութիւններ հասցնելու կարելիութեան շուրջ։
թ) Հայ հոգեւոր պետերը կ՚աղօթեն առ բարձրեալն Աստուած խաղաղութիւն շնորհելու շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանին, որպէսզի վերջ գտնեն այս արհաւիրքներն ու մարդկային ողբերգութիւնները, եւ Լիբանանը վերստին վերադառնայ համակեցութեան, փոխըմբռնման ու փոխհասկացողութեան սկզբունքներու վրայ կառուցուած կեանքին։

Русский