Արամ Ա Վեհափառն ընդունել է Հ.Բ.Ը.Մ-ի Լիբանանի շրջանային վարչությանը․
«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, երէկ՝ Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2026-ի առաւօտեան։
Թիւֆէնքճեան Նորին Սրբութեան պարզեց զանազան բնագաւառներու մէջ Միութեան ընդհանուր գործունէութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ տարուող աշխատանքները՝ իր օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց՝ թէ՛ Միութեան վերին պատասխանատուներուն եւ թէ՛ Լիբանանի պատասխանատու մարմիններուն։
Հայրապետը եւ շրջանային վարչութեան անդամները Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին»։

Русский